Համահարթ հարկում. մի քանի խօսք իշխանական փաստարկներու եւ արդարութեան մասին

Hrag Papazian
Սեւ Բիբար (Sev Bibar)
6 min readJul 25, 2019
նկարի ձեւաւորումը՝ Նունե Խուդավերդյանի

Հոդվածի արեւելահայերեն տարբերակը կարդալ ՀԵՏՔ պարբերականում, այս հղումով։

Համահարթ եկամտահարկ սահմանող հարկային նոր համահարգը արդէն մի քանի շաբաթ է, որ իրողութիւն է։ Հայաստանը հարեւան Վրաստանի կողքին միակ երկիրն է, որ ունի համահարթ եկամտահարկ միաժամանակ չունենալով աշխատավարձի չհարկուող շեմ։

Հիմնական քննադատութիւնները բազմիցս հնչեցին, ու կարիք չկայ զանոնք կրկնելու։ Կան սակայն լուսանցքին մնացած քանի մը մտքեր, որոնք նաեւ գաղափարական բնոյթի են եւ ուրեմն՝ ոչ ժամանակավրէպ։ Անոնց մասին գրելը մինչ օրս կը յետաձգէի, երբեմն՝ յուսահատութեան, երբեմն ալ՝ այլ գործերու տրուելով։ Սակայն օրերս երեւան եկած «Փաշինյանը պատասխանել է համահարթ եկամտահարկի քննադատներին» վերնագիրները առիթ հանդիսացան վերադառնալու թեմային ու գրելու ներքոշարեալ մտքերը։

Նախ կարճ կ՚արձագանքեմ վարչապետի պատասխանին, յետոյ՝ համահարթամէտ երեք այլ փաստարկներու։

Ա. Վարչապետի պատասխանի մասին

Փաշինյան կը պնդէ, որ «մենք այնուամենայնիվ ճիշտ որոշում ենք կայացրել երկու նկատառումներով»։

Նշած առաջին նկատառումը իշխանութեան կողմէ ի սկզբանէ ներկայացուած հիմնական փաստարկն է, բայց — հետաքրքրականօրէն — նշմարելի ետքայլով, որ ի ցոյց կը դնէ փաստարկի թուլութիւնն ու հաշուարկուած չըլլալը։ Մէջբերեմ. «Համահարթ եկամտահարկի ներմուծմամբ մենք շանս ենք ստեղծում, որպեսզի աշխատողները և գործատուներն այս ստվերը դուրս բերելու կոնկրետ հնարավորություն ստանան: [ուշադրութիւն՝ «շանս» եւ «հնարավորություն» բառերուն] Եվ մենք պետք է որոշակի ժամանակ սպասենք՝ հասկանալու համար, թե ստվերային և ոչ ստվերային աշխատավարձի այս հարաբերակցությունն ինչպես է փոխվում»։

Նոյնիսկ եթէ վստահ ըլլայինք, որ համահարթի անցումը ստուերի հարցի վրայ դրական մեծ ազդեցութիւն պիտի թողէ, պիտի պնդէինք, որ ներելի չէ այդ հարցը լուծել ի գին սոցիալական անարդարության սերմանման եւ հարկային բեռի հարուստներէն աղքատներու փոխանցման, ու որ այդ հարցի լուծման համար կան այլ ճանապարհներ։ Բայց, ինչպէս կը փաստէ վարչապետը, նոյնիսկ այդ ազդեցութեան չափէն կարելի չէ վստահ ըլլալ։

Բերած երկրորդ պատասխան-նկատառումն այն է, թէ «առաջիկա տարիներին […] բոլորի համար եկամտահարկը նվազում է:» Սա եւս խափուսիկ ու մոլորեցնող պատասխան է։ Թէև եկամտահարկը մինչեւ 2023թ. կը նուազի 3 տոկոսով, բայց անոր զուգահեռ նոյն նախագծով պիտի վերականգնուի կուտակային կենսաթոշակայինի նախկին 7.5 տոկոսը, ինչը եկամտի վրա 2.5 տոկոսի հարկային յաւելում է։ Ուրեմն 150.000-էն ցած վարձատրութիւն ստացող աշխատողներու մեծամասնութեան եկամուտերը կ՚աւելնան միայն 0.5 տոկոսով, այդ ալ միայն 2023թ․-ին։ Իսկ 150.000-էն ցած գումարի համար 0.5 տոկոսը ոչինչ է, յատկապէս երբ կը սպասուի գնաճ՝ նաեւ նոյն համահարթի հետեւանքով որոշ սպառողական հարկերի բարձրացման պատճառով։

Վերջապէս, այն քննադատութեանը, որ համահարթով կառավարութիւնը կը պաշտպանէ բարձր աշխատավարձ ստացողներու շահերը, վարչապետը կու տայ անհեթեթ պատասխան, ըսելով «այո, մենք հենց այսպիսի քաղաքականություն ենք վարում», կապելով զայն այն ցանկութեան ըստ որու «ՀՀ-ում ցածր աշխատավարձային սեգմենտի աշխատուժ ընդհանրապես չպետք է լինի երկարաժամկետ կտրվածքով:» Ե՞ւ։ Բարձր աշխատավարձ ստացողների հարկերը նվազեցնելո՞վ է, որ պիտի վերացնեն կամ բարձրացնեն ցածր աշխատավարձերը։ ի հարկէ ոչ, ու վարչապետը ի հարկէ գիտէ այդ մասին (ուրեմն պարզ ձեռնավարութիւն (manipulation) է ըրածը), եւ ինք ալ կ՚ըսէ, որ այդ հարցի լուծումը կը պահանջէ օրէնքի այլ մշակումներ (որոնք դեռ պարզապէս չկան)։

Անցած օրէնքով, ազնիւ եղէք բացօրէն ընդունիլ, դուք պաշտպանեցիք բարձր աշխատավարձ ստացողներու եւ գործատուներու շահերը, ի վնաս աղքատ մեծամասնութեան եւ սոցիալական արդարութեան։

Բ. «Սոցիալական Արդարության հարցը գոյքահարկով ենք լուծելու»

Ամիսներով սոցիալական արդարութեան մասին քննադատութիւնները անտեսելէ ետք, վերջին շրջանին իշխանութեան ներկայացուցիչներ փորձեցին քննադատութիւնը մեղմել, զայն բացայայտօրէն ընդունելով, բայց ըսելով, որ հետագային պիտի ունենանք գոյքահարկի նոր օրէնք, որով պիտի վերականգնուի սոցիալական արդարութիւնը։ Այս արդարացման փորձը խնդրահարոյց է թէ՛ մօտեցման, թէ՛ բովանդակութեան առումով։

ա) Մօտեցման առումով, ինչպէ՞ս կարելի է քննարկման դրուած օրինագծի մը նախագիծը արդարացնել՝ տակաւին գոյութիւն չունեցող օրինագծի մը տակաւին գոյութիւն չունեցող նախագիծի մասին խոստումներով։ Իշխանութիւնը պարտաւոր էր նախ եւ առաջ յստակ ներկայացնել այն երկրորդ նախագիծը, որուն յղում ընելով կը փորձէր համոզել, որ համահարթով սոցիալական արդարութիւնը մէկ կողմ դնելը խնդիր չէ։ Իսկ իշխանական թեւի պատգամաւորներու պատասխանատւութեան զգացումը ինչպէ՞ս թոյլ տուաւ իրենց՝ կողմ քուէարկել սոցիալական արդարութեանը հարուածող նախագծին, ինչ է թէ իրենց թիմակիցները կ՚ըսէին, թէ այդ հարցը յետոյ այլ կերպ կը լուծուի, թէեւ դեռ չկային այդ «այլ կերպ»ին մասին մանրամասներ, փաստարկներ, քննարկում։ Հապա եթէ, տեսականօրէն, ԱԺ պատգամաւորները պիտի չհամաձայնէին այդ գալիք երկրորդ օրինագծին։ Թող ներեն, բայց այս անձնատուր վստահութիւնը նոյն «կոճակ սղմել»ն էր իր տրամաբանութեամբ։

բ) Բովանդակային առումով պէտք է նշել, որ գոյքահարկով կարելի չէ ամբողջութեամբ հատուցել համահարթով սոցիալական արդարութեան հասցուած հարուածը, անկախ անկէ թէ ինչ մանրամասներ կ՚ունենայ գոյքահարկի հետ կապուած նոր օրինագիծը։ Շահութահարկի եւ բարձր աշխատավարձերու եկամտահարկի կտրուկ նուազեցմամբ կառավարութիւնը երկրի հարուստ փոքրամասնութեան կը թոյլատրէ հաւելեալ հարստացում, ինչը կը խորացնէ հասարակութեան սոցիալական բեւեռացումը։ Իսկ գոյքահարկը շատ աւելի սահմանափակ ազդեցութիւն ունի, քանի որ կը կիրառուի այդ հարստութեան միայն մէկ տեսակի պահման վրայ։ Մինչդեռ կուտակուած հարստութիւնը կարելի է պահել բանկային հաշիւներու մէջ որպէս աւանդ, կարելի է անով ձեռք բերել բաժնետոմսեր կամ պարզապէս գոյք բայց արտասահմանի՛ մէջ։

Այսպիսով, գոյքահարկը լաւագոյն պարագային միայն մասնակիօրէն կրնայ բուժել համահարթով սոցիալական արդարութեան պատճառուած վէրքը, եւ այս փաստարկը, դարձեալ, անազնիւ էր։

Գ. «Բայց աշխատավարձով չեն հարստանում»

Կառավարութեան որոշ անդամներու եւ «Իմ Քայլը» խմբակցութեան որոշ պատգամաւորներու կողմէ հնչած մէկ այլ պաշտպանական հակափաստարկն այն էր, որ «աշխատավարձով չեն հարստանում», եւ ուրեմն տեղին չէ ըսել, որ Համահարթի օրինագիծը ի շահ հարուստներին եւ ի վնաս աղքատներին է։ Դարձեալ թոյլ, ձեռնավարական (manipulative) եւ անպարկեշտ պատասխան։

Առաջին. «Հարստութիւն» բառը համեմատական է։ Այո, երկու միլիոն աշխատավարձ ստացողը Գագիկ Ծառուկեանի հետ համեմատած՝ հարուստ չէ։ Բայց 150.000էն ցածր ստացողներու մեծամասնութեան հետ համեմատած ու Հայաստանեան պայմաններու մէջ լաւ ալ հարուստ է։ Այլապէս՝ ըսէք, որ Ծառուկեանն ալ հարուստ չէ. երրորդ աշխարհի օլիգարխը ի՞նչ հարուստ՝ համաշխարհային մակարդակի օլիգարխներու հետ համեմատած։

Երկրորդ. Կառավարութեան եւ Իմ Քայլի որոշ ներկայացուցիչներ բաց տեքստով արդէն խոստովանած են, որ համահարթի հիմնական շահառուն գործատուներն են, քանի որ մաքուր աշխատավարձերու անփոփոխ մնալու պարագային (իսկ այստեղ սովորութիւն է մաքուրի շուրջ համաձայնիլ), եկամտահարկի նուազեցումը ծախսերու խնայողութիւն է գործատուներուն համար։

Երրորդ. Օրինագիծը համահարթեցուց ո՛չ միայն եկամտահարկերը, այլ նաեւ գործատուներու շահութահարկ+դիվիդենտի հարկը, այդ գումարը եւս նուազեցնելով։ Եւ ովքե՞ր են շահութահարկ+դիվիդենտի հարկ վճարողները։

Չորրորդ. Նոյնիսկ եթէ ընդունինք այս կեղծ բառախաղը, սոցիալական արդարութեան խնդիր կայ ոչ միայն գերհարուստներու եւ ծայրահեղ աղքատներու միջեւ, այլ նաեւ բարեկեցիկներու ու աղքատներու։ Այսինքն նոյնիսկ եթէ հարուստները չըլլային համահարթի հիմնական շահառուները, այլ միայն միջին կամ բարձր միջին խաւի ներկայացուցիչները, մէկ է՝ սոցիալական արդարութեան հարուած հասնելու էր, եւ ճեղքը մեծանալու է աղքատին ու միջինին միջեւ։

Դ. «Համահարթը արդար է, բոլորս նույն տոկոս ենք վճարում: »

Համեմատաբար նուազ յաճախակի հնչած, բայց գաղափարական եւ քաղաքական առումով ամէնէն անընդունելի համահարթամէտ փաստարկը կը պնդէր, որ ոչ թէ աստիճանականը (progressive), այլ համահարթն է արդար, որովհետեւ բոլորին կ՚առաջարկէ նոյն տոկոսը վճարել։ Նախընտրական քարոզարշաւի ծիրէն ներս կազմակերպուած բանավէճերէն մէկուն ընթացքին այս դիրքորոշումը յայտնած էր նոյնիսկ փոխվարչապետ Ավինյան։

Նորազատական այս մօտեցման ջատագովները իրենց արդարութեան փնտռտուքի եւ սկզբունքներու մէջ կը մոռնան կամ գիտակցաբար կ՚անտեսեն մի քանի շատ կարեւոր հանգամանք։

Այն, որ աստիճանական հարկումը կոչուած է ո՛չ թէ արդարութիւն ապահովելու, այլ նուազեցնելու ու վերահսկելու արդէն իսկ գոյացած անարդարութիւնը։ Այն, որ հարստանալն ու հարուստ ըլլալը նոյնիսկ եթէ օրինական ճամբով ըլլան, դեռ չի նշանակեր, որ արդար են ու բոլորին նոյնքան հասանելի։ Այն, որ սոցիալական անարդարութիւնը համակարգային խնդիր է եւ որպէս այդպիսին՝ կը սկսի աշխատավարձ ստանալու պահէն շատ աւելի առաջ։ Աւելի պարզ ըսած՝ այն, որ յատկապէ՛ս կապիտալիստական համակարգի մէջ, առաւել եւս յետսովետական Հայաստանի նման բառիս բուն իմաստով վայրի կապիտալիստական համակարգի մէջ բարձր աշխատավարձ կամ շահույթ ունենալը կախուած է հմտութեան ու աշխատանքի կողքին ու յաճախ ալ շատ աւելի, բազմաթիվ ոչ-ենթակայական, ոչ-սուբյեկտիվ, այլ համակարգային պայմաններէ՝ ժառանգութիւն, ընտանեկան-հասարակական միջավայր, սոցիալական կապեր, սեռ, գենդեռ, այս բոլորէն բխող կրթութեան հասանելիութիւն, եւ այլն։ Թեղուտի հանքափորի երեխան, օրինակ, շատ աւելի անբարենպաստ ստարտային պայմաններ ունի, քան կենտրոնի խոշոր կամ միջին առեւտրականինը։

Տակաւին, անոնք կ՚անտեսեն կամ չեն հասկնար ա՛յն, որ ծրագրաւորողը, ԱԺ պատգամաւորը կամ բանկային մենեջերը ամենեւին աւելի չե՛ն ճգնել եւ աւելի չե՛ն աշխատիր քան հանքափորը, ուսուցիչը, շինարարը, կամ այն կանայք ովքեր, երբ հարուստ կամ բարեկեցիկ անհատը կէս գիշերին ռեստորանեն կը քալէ տուն, կը մաքրեն փողոցները որպէսզի հաջորդ առավոտ ան մաքուր ու հաճելի քաղաքի մայթերով քալէ դէպի իր բարձր վարձատրուող աշխատանքի վայր։

Վերջապէս այն, որ աշխատավարձի եւ շահույթի անհաւասարութիւնը ինքնի՛ն անարդար է. այսինքն անարդար է, որ Լֆիկը կամ Գրզոն ստանան միլիարդներ (այստեղ էական չէ՝ օրինական թէ ոչ), իսկ իրենց սուպերմարկետի աշխատողը (այսինքն իրենց շահոյթը արտադրողը) այդ շահոյթի մանրափշրանքները։ Նմանապէս ինքնին անարդար է, որ ծրագրաւորողը ստանայ բազմապատիկ աւելի քան գիտական հետազօտողը կամ դասախօսը, ինչ է թէ առաջինս աւելի կը ծառայէ շուկայական տնտեսութեան։

Այսինքն, աստիճանական հարկումը արդարութիւն ապահովելէ աւելի տարրական գործառոյթ ունի՝ նուազեցնել համակարգային անարդարութեան եւ անհաւասարութեան պատճառով առաջացած վարձատրութեան կամ շահոյթի անարդար անհաւասարութիւնը։ Իր արդար ըլլալ-չըլլալը ա՛յս համատեքստի մէջ պէտք է դիտել։

Ցաւոք, կառավարող ուժը ոչ միայն որդեգրեց սոցիալական անարդարութեան հարկային քաղաքականութիւն, այլեւ զայն պաշտպանելու ընթացքին յաճախ նաեւ բացայայտեց անհատապաշտ, նիւթապաշտ ու հակասոցիալական նեոլիբերալ մօտեցումներ։

Հրակ Փափազեան

22–23 Յուլիս 2019

ք. Երեւան

--

--